«Երջանիկ մահը», Գրիգոր Զոհրապի նովելներից։ Ընդգրկված է 1911 թվականին հրատարակված «Կյանքը ինչպես որ է» նովելների ժողովածուի մեջ։

Քաղվածքներ

խմբագրել
  • Մահուան դէմ՝ իր քառասուն տարուան բժիշկի մղած պայքարովը, մտերմութիւն մը հաստատած է կարծես անոր հետ․ անոր ամէն դաւերը ու խաղերը գիտէ․ անոր զարհուրելի, երբեմն յանկարծահաս ու երբեմն յամեցող հարուածներուն բոլոր գաղտնիքները ուսումնասիրած է։ - Տօքթօռ Վահանեանի մասին
  • Ո՞րն էր հազար տեսակ մահերուն ամենէն քաղցրը, բժշկական ու հոգեբանական կրկին տեսակէտով։
Յայտնուած կարծիքներուն մէջ համաձայնութիւն չկար․ առողջ ու կայտառ աղջիկ մը, որ Ռաֆայէլ կարդացեր էր եւ դալուկ ու նիհար կազմուածքի մը կը տենչար, թոքախտի հիւծումն է, ըսաւ, էն գեղեցիկ մահը․ երիտասարդի մը կարծիքին նայելով՝ ռէվոլվէրի գնդակն էր ուղեղին մէջ․ ուրիշ մը՝ ծովահեղձ ըլլալը ամենէն քիչ տանջանք տուող վախճան մը ըլլալուն վրայ պնդեց․ քլորոֆորմը երկու կուսակից գտաւ։
  • — Ես,— ըսաւ Տօքթօռը, խոսքերնիս կտրելով, ամենէն քաղցր մահը տեսայ, բայց չեմ կրնար պնդել որ ամէն անգամ մարդս կրնայ զայն իր ձեռքին տակ ունենալ․ մէկ հատիկ մահն էր ասիկա, զոր իմ տեսած հազարաւորներուս մէջէն, ոչ միայն ամենէն հեշտն էր կրնամ ըսել, այլ իրօք քաղցրն ու երջանիկն էր։
  • — Աղվոր կուրծք մը չունեցողները միայն decollete-ին թշնամի են, - կ՚ըսեր խնդալով, եւ յօժարակամ կը պարզէր իր լանջքին կոհակները քոռսէին բացուածքէն։
  • — Դուք, բժիշկներ, կեանքը երկարացնելու աշխատող մարդիկ, կիներուն՝ այս հէգ էակներուն կեանքը պահպանելու մի՛ աշխատիք, քանի որ չէք կրնար այդ կեանքը իր թարմութեան, իր գեղեցկութեան մէջ անայլայլ ու հաստատ պահել․ ճերմակած թափած մազերու, փոթփոթած երեսի, թուլցած միսի մը աւելի կամ նուազ տեւողութիւնը նշանակութիւն չունի․ կինը իր երիտասարդութեան, իր հրապոյրներուն մէջ կրնա՞ք վար դնել, կեցնել։ Չէ՞ք կրնար, թող տվեք ուրեմն որ երթայ հոսկէ․ իր պաշտօնը, իր կոչումը աւարտած է ան․ ի՜նչ, կը պահանջես ձայնը մարած երգիչէն՝ որ սրահին վրա՞յ կենայ, մինչեւ որ սուլեն, ծաղրեն ու նախատեն զինքը․ կինը ծիծաղ մըն է, պէտք չէ որ լացի փոխուի։
  • Հիւանդութիւններու, ցաւերու մէջ չտառապեցաւ․ ծերութիւնը չփճացուց իր շնորհները․ պաշտելի ու պաշտուած կինը մնաց մինչեւ վերջի վայրկեանին ու ընդհանուր զմայլումով մը ողջունուած, իր սիրած տղուն թեւին վրայէն գնաց հեռացաւ անիկա։ Բաժակի մը պէս, որ կոչունքի մը սեղանի վրայ, ցնծութեան մաղթանքներու, բախումներու մէջ կը փշրուի, փոխանակ դուրսը սպասաւորներու ձեռքով, լուացքի աղտոտ ջուրին մէջ օր մը կոտրելու անհետանալու, այս կինն ալ էն շնորհագեղ պատկերի մը մէջ գերագոյն երջանկութիւնը զգացած ու պարգեւած ժամուն անհետացաւ։
 
Վիքիդարանի լոգոն
Վիքիդարանում կա այս նյութին առնչվող էջ՝


 
Վիքիպեդիա
Կարդացե՛ք Երջանիկ մահը հոդվածը նաև Վիքիպեդիայում: